← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

6 Nov 1957 · Education

1957 Nov 6 AGBU-AYA University students Union organized a Literary Night in Memory of

1957 Nov 6 AGBU-AYA University students Union organized a Literary Night in Memory of the Armenian Late writer Avedik Isahagian … «
«Վարպետին» Աւտիք Իսահակեանի մահուան համզգային սուգին անմասն չմնալով, ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը ինք ալ որոշեց իր յարգանքի համեստ բաժինը մատուցանելու, Վարպետին յիշատակին՝ կազմակերպելով հրապարակային հանդէս մը: Յարգանքի երեկոն տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 6 Նոյեմբերին, ՀԵԸ-ի Զարեհ նուպար ակումբին մէջ, երեկոյեան ժամը 8-ին, ընտրանի բազմութեան մը ներկայութեան: Միութեան ատենապետ Պրն. Էտմոն. Կոտալազեանի բացման խօսքէն ետք ներկաները վայրկեան մը .յոտնկայս լռութիւն պաhեցին ի յարգանս Վարպետին, ապա գործադրուեցաւ խնամեալ յայտագիր մը: Բանախօսութեան ու փակման խօսքին համար հրաւիրուած էին Աւետիքեանը մօտէն ճանչցող երեք անձնաւորութիւններ: Առաջին բանախօսն էր Պրն. Կարօ Սարրաֆեան որ անդրադարձաւ Վարպետին մարդկային և հայրենասիրական դիմագիծին գլխաւորաբար... Երկրորդ բանախօսն էր բանաստեղծ Վահէ-Վահեան: Յարգարժան բանախօսը նայուածքի խորունկ թափանցումով մը վեր առաւ Աւետիք Իսահակեանի գրականութեան հիմնական գիծերը... Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մասնակցեցան ... Օր. Էլիզ Թաշճեան, Պրն. Վ. Մարտիրեան, Սարգիս Մինասեան, Կարապետ Չատրեան և Որ. Սոնա Արզումանեան... Փակման խօսքի համար բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգեշ. Տ. Գնէլ Ծ. Վրդ. Ճերեճեան....»:(Zartonk 1957 Nov 9 n38p3)

Photograph

Source documents

Provenance

📄 Zartonk 1957 Nov 9 n38p3