21 Jan 1958 · Cultural
1958 Jan 11 AGBU Tarouhy and Hovagimian schools Graduates have organized a theatrical performance the “Comedy of Errors” directed by Berge Fazlian
1958 Jan 11 AGBU Tarouhy and Hovagimian schools Graduates have organized a theatrical performance the “Comedy of Errors” directed by Berge Fazlian, at College de la Salle theater…
«ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան և Յովակիմեան-Մանուկեան շրջանաւարտից զոյգ Միութիւնները ներկայացուցին Շեքսպիրի «Սխալներու Կատակերգութիւնը» Շաբաթ, 11 Յունուարին երեկոյեան , Քոլէժ Տը լա Սալի սրահին մէջ: Խաչիկ Դաշտենցի համանուն թարգմանութիւնը արեւմտահայերէնի վերածած էր Պրն. Վահէ Վահեան» «Դ'դժուարահաճ հանդիսատեսեր իսկ չվարանեցան յայտնելու թէ երիտասարդները պատուով դուրս եկան այս դժուարին գործին մէջէն... Բարեբախտաբար գործին գլուխը անցած էր Պրն. Պերճ Ֆազլեանի պէս կարող և բծախնդիր արուեստագէտ մը, որուն կը պարտինք առաւելաբար փիէսին յաջողութիւնը...» «Հազար հոգինոց սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր: Լաւ աշխատանք տարուած էր տեսարաններու և տարազներու պատրաստութեան...» «Մեր շրջանաւարտները ի գլուխ ի գլուխ հանեցին Շեքսպիրի ոտանաւոր և յանգաւոր մէկ դժուարին գործը: Ժողովուրդը ոչ միայն չձանձրացաւ, այլ ընդհանուր խանդավառութեան և գոհունակութեան իբր արդիւնք՝ հաւանաբար ներկայացումը կրկնուի...»Khosnag 1958 Jan p16) «….Արդարեւ ժողովուրդին փափաքին վրայ, կրկնեցին «Սխալներու Կատակերգութիւնը» Շաբաթ 29 Մարտի երեկոյեան, Քոլէժ Տը Լա Սալի մէջ....»(Khosag 1958 Mar p17)
Photographs (2)
Provenance
📄 Khosag 1958 Mar p17