← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

9 May 1954 – 16 Jul 1954 · Governance

1954 May 9 AGBU 48th Anniversary in AUB Assembly hall

1954 May 9 AGBU 48th Anniversary in AUB Assembly hall, organized by AGBU Beirut chapter...
«ՀԲԸՄիութեան 48րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ9 Մայիս, Կիրակի օր ժամը 4ին, Ամերիկեան Համալսարանի ժողովասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն: Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր Միութեան Պէյրութի Մասնաժողովին կողմէ: Ներկայ էին Կաթողիկոսական Տեղապահ Գերշ. Խադ Արք. Աջապահեան Սրբազան, հոգեշնորհ հայրերու հետ , քոյր յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, ՀԲԸՄի Շրջ. Յանձնաժողովի, զանազան յանձնախումբերու և մասնաժողովներու ներկայացուցիչներ, Ինչպէս նաև խուռն բազմութիւն մը» «...Բացման խօսքը ըրաւ Միութեան Պէյրութի մասնաժողովի ատենադպիր Պրն. Ս. Վարժապետեան:» «...Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ ՀԵԸի «Կոմիտաս» Երգչախումբը և ՀԲԸՄի վարժարանի սաներ և շրջանաւարտներ...» «...Օրուան բանախօսներն էին...Տնօրէն Պրն Արա Թոփճեան, որ լայնօրէն պատկերացուց Բարեգործականի կեանքն ու գործը ... և Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսումնապետ և ՀԲԸՄի Կրթ. Յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Բ. Եղիայեան, որ Բարեգործականին մօտեցաւ բոլորովին տարբեր, ինքնայատուկ անկիւնէ մը, իբր իտէալ»: Հանդէսին վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ Միութեան նոր վեթերաններու վկայականաց բաշխումը...»: (Za May 13 n191p2)

Photographs (3)

Source documents

Provenance

📄 Za May 13 n191p2