26 Jun 1950 · Governance
1950 Jun 26 AGBU Beirut Ladies Auxiliary Pattern cutting course graduates
1950 Jun 26: AGBU Beirut Ladies Auxiliary Pattern cutting course graduates Diploma ceremony was held at AGBU Beirut locale. Twenty-three young girls were graduated. The Instructor was Mrs. N. Der Hagopian. In the photo are the graduates and ladies committee members. About 80 costumes made by the graduates had exposed during the ceremony.
«Միութեան Պէյրութի Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած կարուձեւի դասընթացքին հետեւող օրիորդներուն վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ 26 Յունիսին, Բարեգործականի Տան մէջ: Դասընթացքը որ սկսած էր Նոյեմբերին սկիզբը, տեւեց մօտ ութը ամիս: Դասընթացքի հետեւեցան 23 օրիորդներ: Կարուձեւի ծանօթ ուսուցչուհի, Տիկ. Ն. Տէր Յակոբեան, գնահատելիօրէն կատարեց իր ստանձնած պաշտօնը: Օրիորդներու կողմէ պատրաստուած մօտ 80 կտոր գեղեցիկ հագուստեղէնները զարդարած էին Միութեան Տան սենեակները, ճաշակաւոր կերպով: Ատենապետուհի Տիկ. Ն. Գրիսէփի բացման քանի մը խօսքերէ վերջ, գործադրուեցաւ հակիրճ յայտագիր մը»: «...Նկարին մէջ՝ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած 1949-1950 տարեշրջանի ձեւագիտութեան դասընթացքի շրջանաւարտները և Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիներէն մաս մը: (Miout 1950 Sep n258p272)
Photograph
Source documents
Provenance
📄 Miout 1950 Sep n258p272