10 Jun 1956 · Governance
1956 Jun 10 HE President Camile Shamoun.at AGBU Golden and AYA Silver Jubileeի celebration in Sanaya Garden
1956 Jun 10 HE President Camile Shamoun.at AGBU Golden and AYA Silver Jubilee
ի celebration in Sanaya Garden Under the Auspices and Presence of .. «ՀԲԸՄիութեան Ոսկեայ և Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Արծաթեայ զոյգ յոբելաններուն առթիւ սարքուած քերմէսը, Յունիս 10, Կիրակի օր, Պէյրութի Հանրային պարտէզին մէջ, արձանագրեց բարօյեական և նիւթական աննախընթաց յաջողութիւն: «... Կէսօրէ ետք հազարաւոր տարեց և անչափահաս հայեր խուժեցին Հանրային պարտէզ և ժամերով զուարճացան բազմապիսի խաղերով ... Յաէտարարուած էր թէ ազնուաբար քերմէսին նախագահութիւնը ստանձնող Լիբանանի Հանրապետութեան Ն.Վ. Նախագահ Քալմիլ Շամուն պիտի ժամանէր իրիկուան ժամը 9:30ի ատենները: Այդ ժամէն առաջ, պարտէզի մեծ աւազանին շուրջը և մէջը շարուած բոլոր սեղանները գրաւուած էին արդէն... ժամը 1 ի ատենները ժամանեց Ն.Վ. Հանրապետութեան Նախագահը՝ «կեցցէ»ներու և ծափահարութիւններու տարափի մը տակ: Տիկ. Անահիտ Նազարեան բարձրախօսին առջեւ կարդաց արաբերէն ուղերձ մը, ուր ծանօթութիւններ կը տրուէին ՀԲԸՄի և ՀԵԸնկերակցութեան մասին:... Ն.Վ. Նախագահը, որ մինչեւ կէս գիշեր մնաց այդ խանդավառ մթնոլորտին մէջ, այս առթիւ ՀԵԸնկերակցութեան նուիրեց 2000 Լիբ ոսկի: Եղան նաեւ այլ նուիրատուութիւններ, ընդամէնը 9000 լիբ. ոսկի: Նախագահի մեկնումէն ետք պարահանդէսը շարունակուեցաւ նոյն խանդավառութեամբ: «Միս ՀԵԸ»ի մրցանքին մասնակցեցան բազմաթիւ գրաւիչ օրիորդներ. Առաջնութիւնը վիճակուեցաւ Օր. Սեդա Մէյմարեանի....» (Khosnag 1957 Sep p48)
Photographs (4)
Source documents
Provenance
📄 Khosnag 1957 Sep p48