4 Jan 1958 – 5 Jan 1958 · Governance
1958 Jan 4-5 AGBU-AYA 5th General Assembly in Damascus
1958 Jan 4-5 AGBU-AYA General Assembly in Damascus .....
« ՀԲԸՄ-ՀԵԸի 5-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ1958 Յունուար 4-5-ին, Դամասկոսի մէջ:» «...Ժողովին կը մասնակցէին ՀԵԸի Սուրիոյ և Լիբանանի 14 մասնաճիւղերը իրենց 45 պատգամաւորներով: Ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Տեղական Գործադիր մարմիններու պատկառելի անդամները: Ժողովին բացումը կատարեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Խաչեր Գալուստեան...» «...Պատրաստուած 18 օրակարգերուն մէջ ամենէն հետաքրքրականը և շահեկանութիւն ներկայացնողը մասնաճիւղերուն տեղեկագիրներուն ընթերցումն ու քննարկումն էր»: «...Օրուան քննիչ յանձնախումբը իւրաքանչիւր տեղեկագրին մասին ըրաւ իր եզրափակիչ քննադատութիւններն ու գնահատականը խօսքերը, և թելադրեց որ Պատգ. Ժողովի պատուոյ դրօշակը տրուի Դամասկոսի մասնաճիւղին... Քննուեցան նաեւ ՀԵԸ-ի կեանքին բոլոր երեսները շօշափող ուրիշ հարցեր... ՀԵԸ-ի վերականգնումի այս օրերուն պատգամաւորական այս ժողովը ունեցաւ իր խթանիչ և հեռատես ազդեցութիւնները...»: «Եզրակացնելու համար ըսենք թէ Ե. Պատգամաւորական Ժողովը հանդիսացաւ այն հանգրուանը ուր ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու ուժերը համադրուեցան և դասաւորուեցան աւելի բեղուն աշխատանքի մը գործադրութեան համար, որպէսզի լաւագոյնս արդարացուի ՀԲԸՄիութեան բարերար հովանաւորութիւնը»: (Khosnag 1958 Jan p14-15)
Photographs (2)
Provenance
📄 Khosnag 1958 Jan p14-15