← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

Aug 1947 · Governance

1947 Aug 1 Բացուած է Ներգաղթի երկրորդ միլիոն տոլարի հանգանակութիւնը

1947 Aug 1 Mioutioun “The AGBU Second Million Dollar repatriation fund campaign has been launched. With the honorary chairmanship of the Rt. Rev, Bishop Tiran Nersoyan and the Rev. A. A. Bedikian, and chairmanship of Mr. Arshag Karagheuzian, the sponsors of the campaign, spearheaded by the AGBU chapters and all the compatriotic unions and Armenian churches, hope to duplicate the unquestioned success of last year’s Campaign!” (1947 Oct Hoosharar N9-10 p161)
« ...Բացուած է Ներգաղթի երկրորդ միլիոն տոլարի հանգանակութիւնը, Ներգաղթի կարաւանները իրարու ետեւէ կը մեկնին Յունաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, 13 հազարէ աւելի անձեր, այս վերջին ամիսներու ընթացքին հայրենիք վերադարձած են արդէն: Ուրիշ հազարաւորներ, նոյն վայրերուն մէջ, իրենց կարգին կը սպասեն, որպէսզի գերագոյն փրկութեան ժամը հնչէ իրենց համար եւս: Փութկոտ, խանդավառ պատրաստութիւններ կը տեսնուին նաեւ Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Պարսկաստանի մէջ և այլուր:» «Կատարենք ուրեմն մեր նուիրական պարտքը և Ներգաղթի նոր Մէկ Միլիոն Տոլարի Հանգանակութիւնը, հանուր Հայութեան մէջ, անցեալ շրջանին նման պսակենք փառաւոր յաջողութեամբ» «...Խօսքս կ'ուղղեմ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու, Հարաւ. Ամերիկայի և Գանատայի մեր համայնքներուն: որոնք բախտը ունեցան պատերազմին անմիջական արհաւիրքներէն և աւերներէն զերծ մնալու...»:

Photographs (2)

Provenance

📄 1947 Oct Hoosharar N9-10 p161