2 Apr 1947 · Governance
1947 Apr 2 “AGBU Central Board have decided a retirement pension for Mr. Michael Natanian
1947 Apr 2: “AGBU Central Board have decided a retirement pension for Mr. Michael Natanian due to his advanced age. He was the AGBU Educational Inspector for AGBU subsidized schools in Syria and Lebanon since 1933.”
«Նկատելով որ Տ. Միքայէլ Նաթանեան որ 1933էն ի վեր Լիբանանի և Սուրիոյ Կրթ. Տեսուչի պաշտօն կը վարէր, և Միութեան հիմնարկութիւնէն ի վեր անոր մատուցած է գնահատելի ծառայութիւններ, որպէս վեթերան անդամ և որպէս անձնուէր պաշտօնեայ, գլխաւորաբար որբանոցներու և վարժարաններու կազմակերպութեան և ղեկավարութեան գործին մէջ, Կեդր. Վարչ. Ժողովը հանգստեան կոչեց մեր բարեկամը, իրեն յատկացնելով գոհացուցիչ կենսաթոշակ մը...»: (Mioutioun May N207 p66) *1940-1945 ...«Կրթական Տեսուչ Միքայէլ Նաթանեան, իր կեդրոնը ունենալով Պէյրութ, նպաստընկալ վարժարաններու գործը, ուղղակի հսկողութիւն կատարելով, վարեց պատերազմի տարիներուն, Միութեան Պէյրութի Կրթական Յանձնախումբին կողքն ի վեր: *1945 Նոյեմբերին, իր յառաջացած տարիքին պատճառաւ, վերջ տրուեցաւ իր պաշտօնին, բայց պահեց իր կրթական խորհրդականի հանգամանքը և հուսկ ուրեմն հանգստեան կոչուեցաւ, ի գնահատութիւն իր երկարամեայ ծառայութեանց: (1940-1945 AGBU yearly general report p64)
Photograph
Provenance
📄 1940-1945 AGBU yearly general report p64