← Our History · 1906–1939 · AGBU in Lebanon

19 Jan 1920 · Education

1920 AGBU new orphanages in Hadjen and Deort Yol, Workplace in Adana..

In 1920, AGBU is opening three more orphanages and decided to built new buildings in Hadjin and Diort-Yol. 9000 Osm fund have voted by AGBU Central Board for these projects. One of these progects was the special Orphanage-Workshop in Adana, where 13 16-year-old orphans had the chance to learn suitable crafts. Also, each of these branches was focused on orphan-helping programs and used to establish Orphans-aid Competitions between AGBU branches, after which the Best will be awarded
►«Կիլիկիոյ մէջ Որբանոցի յարմար շէնքեր չի գտնուելուն՝ առայժմ յետաձգուած է Հալէպի որբերուն Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ փոխադրումը, և թէ նոյնիսկ դուրսը մնացած որբերը տեղաւորելու մասին կարելի չըլլար կարգադրութիւն ընել, միշտ ընդարձակ շէնքերու չգոյութեան պատճառով, Կեդր. Ժողովը, նկատելով սակայն որ անյետաձգելի է այլեւս գէտ ՀԲԸՄիութեան սեփական որբանոցներու շրջանին մէջ գտնուող անոք և անտիրական մնացած որբերը չի զրկել Միութեան պաշտպանութիւնէն, որոշեց Հաճընի և Տէօրթ-Եօլի մէջ անմիջապէս մասնաւոր շէնքերու կառուցման ձեռնարկել, և առ այդ, 9000 Օսմ. Ոսկիի վարկ մը քուէարկեց ու պէտք եղած ստիպողական հրահանգները հաղորդեց Հաճընի հաստատութեանց Վերատեսուչ Գեր. Պետրոս Եպիսկ. Սարաճեանի և Տեղ Մասնաժողովին, ինչպէս և Տէօրթ-Եօլի Տեղ. Մասնաժողովին ու Միութեան Քննիչներուն: Հաճընի յաւելուածական սոյն շէնքին մէջ պիտի հաստատուի Միութեան երկրորդ Որբանոցը, նախորդին մօտ տեղ մը, ուր պիտի ընդունուին Հաճընի, Սիսի, Վահակի և Կարսի անտիրական հէք որբերը: Իսկ Տէօրթ-Եօլի յաւելուածական շէնքին մէջ պիտի պատսպարուին այն 569 որբերը...»: «Ատանայի մէջ՝ եթէ հնար ըլլայ, յատուկ Որբանոց-Արհեստանոց մը, ուր 13-16 տարեկան մանչ որբերը պիտի ընդունուին: նախընտրապէս պիտի սորվին յարմար արհեստներ...Ամեն մասնաճիւղ կեդրոնացած է որբանպաստ գործունէութեան հաստատուած է Որբանպաստի մրցում ՀԲԸՄ-ի մասնաժողովներու միջեւ5 լաւագոյնին մրցանակ պիտի տրուի...»: (1920 Jan-Feb թիւ 73 էջ 1)

Photographs (3)

Source documents

Provenance

📄 1920 Jan-Feb թիւ 73 էջ 1