26 Feb 1941 · Cultural
1941 Feb 26 HH Vicar Yeghishe Garoyan and AGBU(Nbasdits) Relief Committee members in Aynjar & Ras ul Ayn
1941 Feb 26 HH Yeghishe Garoyan visited Ainjar, Musa Ler settlement, accompanied by Rev Ardavazt Surmelian, “Beirut Help inNeed” represent. Mr. Hagop Der Melkonian and AGBU (Nbasdits) Relief Committee represent. Mr. Levon Zenian. After an emotional welcome by the refugees! HH distributed to the needy people, the sum of the amount were provided by the two above-mentioned benefit distribution bodies! Returning to his office in Antelias, HH directly managed with the AGBU Aid (Nbasdits) committee most of the urgent needs of the refugees that are going to be sent to Aynjar..."In particular, he asked the AGBU Centeral Board for the necessary funds for sowing the spring crops”.
«1941 26 Փետրուար, Կթղկն. Տեղապահ Գերշ. Տ. Եղիշէ Ս. Արքեպս. Կարոյեան այցելութիւն ըրաւ Այնճար, Մուսա Լեռ գաղթակայանը, իր հետ ունենալով Գերշ. Տ. Արտաւազդ Ս. Արքեպս. Սիւրմէլեանը, «Պէյրութի Կարօտելոց Օգնութեան» կողմէ՝ Տիար Յակոբ Տէր Մելքոնեանը և ՀԲԸՄիութեան Նպաստից Կեդր. Յանձնաժողովի կողմէ Տիար Լեւոն Զէնեան: Գաղթակայանի ամբողջ ժողովուրդը յուզիչ և ջերմ ընդունելութիւն մը ըրաւ այցելուներուն»: «Տեղւոյն վրայ կարօտեալներուն բաշխեց 540 ս.ո. գումարը զոր իրեն տրամադրած էին վերոյիշեալ նպաստաբաշխ երկու մարմինները: Նոյնպէս փոքրիկ օգնութիւն մը ըրաւ քահանայ հայրերուն:... « Սրբազանը Այնճարէն վերադարձին ՀԲԸՄիութեան Նպաստից Կեդր. Յանձնախումբին հետ դարմանիչ կարգադրութիւններու մասին մտածեց՝ Մանաւանդ գարնանային ցանքերը փութացնելու համար անհրաժեշտ գումարներ խնդրեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնէն, և ուրախ ենք ըսելու որ վերջերս Նիւ Եորքէն ՀԲԸՄիութիւնը գոհացում տուած է այս պահանջքին: Նոյնպէս դպրոցին նստարաններու շինութիւնն ալ վերջացած ըլլալով, անոր մատակարարութեան պիւտճէին ի նպաստ, Տեղապահ Սրբազանը Կաթողիկոսարանի կողմէ Այնճար ղրկեց 300 ս. Ոսկի, նոյնքան գումար մը եւս ապահովելով ՀԲԸՄ-ի Նպաստից Կեդրոնական Յանձնախումբէն:» (HASG 1941 Mar-Apr p54)
Photograph
Source documents
Provenance
📄 HASG 1941 Mar-Apr p54