← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

15 Feb 1940 · Governance

1940 Feb AGBU An Appeal for Sanjak Refugees fund raising

1940 Feb15: AGBU..."An Appeal for Sanjak Refugees ... Last year thousands of our devoted Armenians in America generously contributed to the Dollar-A-Bushel Campaign to help the settlement of Sanjak Refugees in Syria and Lebanon, and for this purpose $120,000 was raised "The AGBU has undertaken definite responsibilities. It has promised the French Government that it will undertake the support of 30,000 Armenian refugees from the Sanjak, inasmuch as the French Government, due to the present war, considers itself incapable of meeting all the financial requirem¬¬ents necessary for the settlement of refugees. The AGBU has taken upon itself to raise the required funds for the building of hundreds of houses" " ...We are certain that every one of our public-spirited and generous Armenians in America will appreciate the useful work our Union has undertaken and will contribute generously towards its success..." ¬
► «...Անցեալ տարեշրջանին, ամերիկայի մէջ հազարաւոր ազգասէր հայեր սրտաբուխ նուէրներով մասնակցեցան «Ցորենի» Հանգանակութեան, և Սանճաքէն արտագաղթող և Սիւրիոյ և Լիբանանի մէջ հաստատուող կարօտեալներուն, Միութեանս միջոցաւ յատկացուեցաւ 120,000 տոլար: «...ՀԲԸՄիութիւնը Սանճաքէն արտագաղթող մօտաւորապէս 30,000 հայերը պատսպարելու համար, մասնաւոր յանձնառութիւններ ստանձնած է Ֆրանսական կառավարութեան հանդէպ, որ պատերազմին պատճառով ինքզինք անկարող կը յայտնէ Աղէքսանդրթէն (Սանճաքէն) գաղթողներու տեղաւորման բոլոր ծախսերը հայթայթելու: Միութիւնս պարտաւորութիւն ստանձնած է մեծ գումարներ գոյացնելու հարիւրաւոր տուներու կառուցման համար: Պէյրութէն ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ՝ Պայարտ Տաճէ նոր ստացուած կարեւոր նամակ մը շօշափելի տուեալներով կը պատկերացնէ մեր ժողովուրդին պէտքերը...» «Մուսա Տաղի գաղթականներէն հազարաւորներ պէտք որ տեղաւորուին Այնճարի մէջ: Կառավարական իշխանութիւնք իրենց օգնութեան բաժինը կ'ընծայեն հիւանդութեանց դարմանումին համար, սակայն այնքան խեղճութիւն և կարօտութիւներ կան, որ, ձեզմէ կը խնդրենք մեծ դրամական օգնութիւններ...» «...Վստահ ենք որ ամբողջ ամերիկահայ ազգասէր և զոհաբերող ժողովուրդը պիտի գնահատէ Միութեանս ձեռնարկը և սիրտն ու քսակը լայն պիտի բանայ յաջողութեամբ պսակելու համար հանգանակութեան մեծ ջանքը...»(Hoosharar Feb n202 p17)

Provenance

📄 Hoosharar Feb n202 p17