26 May 1940 · Scouts
1940 May 26 "AGBU-AYA Tripoly Chapter Scouts Troupe
1940 May 26: "AGBU-AYA Tripoly chapter held Scouts troupe opening ceremony at Tripoly Nor Noubarian School. After the welcome note by Dr M. Keshishian, scouts Yervant Beylerian, Sebouh Davoudian, and Sisag Arabian recited. After which, the Group Leader Hrant Naqqashian received the new scouts' promise. SDL Armenian scouts section representative Hratch Setrakian addressed the scouts about the Lebanese scouts Federation and the coordination and cooperation between the various scouts' groups..."
«...Կիրակի կ.ե ժամը 5:00ին, Նոր Նուպարեան վարժարանի բակին մէջ. ՀԵԸ-ի սկաուտներու բացման հանդէսը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Տոքթ. Մ. Քէշիշեանի.... Յարգելի նախագահը հանդէսը բացաւ քանի մը խօսքերով՝ «Նման շարժումի տարածումը անհրաժեշտ էր երիտասարդութիւնը խանդավառելու և նոր մթնոլորտ մը ստեղծելու համար գաղութիս մէջ»...Սկաուտներէն Երուանդ Պէյլերեան, Սեպուհ Տաւուտեան, Սիսակ Արապեան, արտասանեցին: Վարժարանին երգչախումբը որ կազմուած է սկաուտներէ ու կրտսերուհիներէ, երգեց... Ապա սկաուտները կատարեցին իրենց Խոստումի արարողութիւնը, որուն ընթացքին իրենց սկաուտապետը՝ Հրանտ Նագգաշեան բացատրեց սկաուտական շարժումին կրաւորութիւնը, մանաւանդ հայ երիտասարդներուն ֆիզիքական զարգացման ու առողջապահութեան համար... Սոյն հանդէսին ներկայ էր Լիբանանի հայ սկաուտներու ընդհ. պետը Հրաչ Սեդրակեան, որ իր կարգին խօսելով, շեշտեց Սկաուտութեան Համադաշնակցութեան կազմութիւնն ու իրարու հանդէպ ունեցած համերաշխ ոգին ու գործակցութիւնը: Հանդէսի վերջաւորութեան սկաուտներու Ու անոնց համակիր երիտասարդներու կողմէ բեմադրուեցաւ «Տրովաթայի Հրդէհ»ը: Հանդէսը փակուեցաւ Թրիբոլիի հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Հօր պահպանիչով...»: (Za Jun 9 n830p2)
Source documents
Provenance
📄 Za Jun 9 n830p2