← Our History · 1960–1979 · AGBU & AYA

28 May 1960 · Cultural

May 28-29 AGBU-AYA Song and Dance Ensemble performances

1960 May 28-29 AGBU-AYA Song and Dance Ensemble performances in Hov-Manougian Caloust Gulbenkian Theater hall. "After the glorious victory of the Navasartian Games on Easter, the AGBU-Antranik Youth Association recorded new successes. The first of those successes and positive actions were the two performances of the Song-Dance Group, which took place on Saturday and Sunday evenings of May 28 and 29 in the Caloust Gulbengean Auditorium of Hovagimian-Manougian College in the presence of a packed audience. Under the leadership of Hambartsoum Berberian, as the musical director and conductor of the songs and the choir, and a young artist devoted to Armenian dances, Mr. Sarkis Paskalian, the alleged organizer of the dance department. Ten young ladies and eleven gentlemen participated in the dance performance. Eight musicians participated in various songs, implementing A neat program: - Folk and solo dances, choir songs, and duets, accompanied by the choir and musicians; a variety of 19 pieces and dances was on the program. The splendour of the clothes was eye-catching and impressive. It is especially worth mentioning Miss Shoghik Titizian and Diana Kalfayan as solo dance performers. And in general, implementing a neat program. The musicians, the choir and the dance group, were appreciated for their performances. Congratulations, Mr. H. Berberian and S. Pascalian, as well as all the dedicated members of the group. The best of success in their future endeavours.
«ՀԲԸՄիութեան ՀԵԸնկերակցութիւնը, զատկական օրերու Նաւասարդեան Խաղերու փառաւոր յաղթանակէն ետք, իր այլ ելոյթներով նորանոր յաջողութիւններ արձանագրեց: Այդ յաջողութիւններէն և դրական գործերէն առաջինը եղաւ Երգի-Պարի Խումբին երկու ելոյթները, որոնք տեղի ունեցան 28 և 29 Մայիսի Շաբաթ և Կիրակի երեկոները, ՀԲԸՄի Յով.-Մանուկեան վարժարանի, Գալուստ Կիւլպէնկեան հանդիսասրահին մէջ, լեցուն բազմութեան մը ներկայութեան: ...Հայաստանի Երգի ու Պարի Անսամպլին ոգեւորիչ ու խրխուսիչ ազդեցութեան տակ էր, որ նոր թափով մը կեանք առաւ Պէյրութահայ արուստասէր պատուական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու Երգի ու Պարի Խումբը, ղեկավարութեամբ Տիար Համբարձում Պէրպէրեանի՝ իբր երգերու պատասխանատու, եւ հայկական պարերու նուիրուած արուեստասէր երիտասարդի մը՝ Տիար Սարգիս Բասգալեանի՝ իբր կազմակերպիչ պարերու բաժնին: Պարերու բաժնին մասնակցեցան տասը օրիորդներ եւ տասնեւմէկ պարոններ: Իսկ զանազան նուագներով իրենց մասնակցութիւնը բերին ութը երաժիշտներ: Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը.- Ժողովրդական պարեր, խաղապար, մենապար, մեներգ, զուգերգ, ընկերակցութեամբ երգչախումբի եւ նուագներու: Ընդամէնը 19 մաս արձանագրուած էր յայտագրին մէջ: Հագուստներու ճոխութիւնը իսկապէս աչքառու էր եւ տպաւորիչ: Խումբը զոհղութեանց առջեւ կանգ չէր առած: Իբր մենապարուհիներ մասնաւորաբար կ'արժէ շնորհաւորել Օրիորդներ Շողիկ Տիտիզեանը եւ Տիանա Գալֆայանը: Իսկ ընդհանուր կերպով խումբը գնահատելի է իր նուիրումին եւ երգարուեստի ու պարարուեստի հանդէպ ցուցաբերած իր գեղեցիկ նպատակին համար: Կը շնորհաւորենք, Տիար Հ. Պէրպէրեանը եւ Ս. Բասգալեանը, ինչպէս նաեւ խումբի բոլոր անձնուէր անդամները, մաղթելով լաւագոյն յաջողութիւններ՝ իրենց ապագայ ձեռնարներուն համար: (Kh1960 May-Jun p215-216)

Photographs (3)

Provenance

📄 Kh1960 May-Jun p215-216