19 Aug 1927 · Education
1927 Aug 19 AGBU Orphanage handicraft exhibition in Zahle
1927 Aug 19 AGBU Orphanage handicraft exhibition-bazar in Zahle: Taking into consideration the presence of foreign and Lebanese elite personalities in Zahle, attracted by the summer pleasant weather; The AGBU Kelegian orphanage director Dr. K. Amadian organized an handicraft and embroidery bazar in Hotel Kadiry, Zahle. The exhibition was a great success, yielding a total of 814 Syrian Liras during the three-day event, and creating a strong current of sympathy towards the AGBU. Many foreign and national personalities encouraged the exhibition with financial and moral support, which was chaired by the Lebanese Parliament Speakers’ Wife, Mrs. Mousa Bey Nammour.
«Տեսուչ Տիար Տօքթ. Գ. Ամատեան օդափոխութեան համար Լիբանանի հրապուրիչ վայրերը խուժող օտար կամ ազգային անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը նկատի առնելով՝ խորհեցաւ կազմակերպել ձեռագործի եւ ասեղնագործութեանց տօնավաճառ մը Զահլէի մէջ: Հաստատութեան մատակարար Տիար Գրիգոր Ծառուկեան և հաշուակալ Միսաք Գույումճեան, թանկարժէք ձեռագործներու մթերքով մը գացին Զահլէ, կազմակերպելու համար իր տեսակին մէջ գրեթէ աննախընթաց ցուցահանդէս մը, տեղւոյն ամենակարեւոր պանդոկներէն Օթէլ Գատրիի մէջ: Ուրախ ենք որ ցուցահանդէսը ունեցաւ մեծ յաջողութիւն, երեք օրուան միջոցին տալով 814 սուրիական ոսկիի հասոյթ մը և ստեղծելով համակրական զօրաւոր հոսանք մը՝ ՀԲԸՄիութեան նկատմամբ: Շատ մը օտար ու ազգային անձնաւորութիւններ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւններով քաջալերեցին ցուցահանդէսը՝ որու նախագահութիւնը ստանձնած էր Լիբանանի Երեսփ. Ժողովի նախագահի տիկինը՝ Տիկ. Մուսա Պէյ Նամմուր»...: