22 May 1938 · Cultural
AGBU 22nd Anniversary in Tripoly organized by the Chapter Committee in "Nor-Noubarian" School yard
1938 May 22: AGBU 22nd Anniversary in Tripoly organized by the AGBU-AYA Chapter Committee in "Nor-Noubarian" School yard. Paylak Aharonian, one of the students of Nor-Nubarian College, took part in the event by reading the student’s message. Mr. Vahan Isbirian reported about the AGBU Tripoly chapter activities. Dr. Kevork Keshishian talked about the AYA and its role. Mr. Ghevont Der Bedrosian presented historical facts about the AGBU and the AYA.
«Թրիբոլիի նորակազմ ՀԵԸ-ի Վարչութիւնը, 22 Մայիսին, Նոր-Նուպարեան Վարժարանի բակին մէջ, կազմակերպած էր հանդէս մը Ակումբին բացումը և ՀԲԸՄիութեան 32-րդ տարեդարձը: Սոյն հանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած էր Նոր-Նուպարեան Վարժարանի սաներէն Փայլակ Ահարոնեան ուղերձով մը, յանուն ուսանողներու, երախտագիտական խոր զգացումներ կը յայտներ Վարժարանին հովանաւոր ՀԲԸՄիութեան: ...Առաջին խօսք առնողը եղաւ Մասնաժողովի ատենադպիր Պրն. Վահան Իսպիրեան, որ թուելէ ետք Բարեգործականի նախախնամական օգնութիւնները, աշխարհի ամէն կողմերը ցրուած հայութեան, տուաւ տեղական Մասնաճիւղի գործունէութեան ամփոփ պատկերը...Երկրորդ բանախօսն էր Տոքթ. Քէշիշեան, որ բացատրեց ՀԵԸ-ի կատարելիք դերը, անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը նմանեցուց բուրումնաւէտ ծաղիկի մը, և մատնանշելէ ետք Ընկերակցութեան անկողմնակալ բնոյթը, խրախուսեց անոր անդամները որ շարունակեն ընդանալ իրենց ընդգրկած ուղիէն, Բարեգործականի հովանիին ներքեւ: Ընկերակցութեան նուագախումբը մերթ ընդ մերթ կը նուագեր ընտրուած կտորներ: Վերջին բանախօսն էր Ատենապետ Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեան, որ Երիտասարդացի պատմականը ներկայացնելէ ետք, թուեց անոր ազգօգուտ նպատակները և հրաւիրեց երիտասարդները համախմբուելու անոր շուրջ»:(Mioutioun1938 Jul-Aug n192 p59)
Provenance
📄 Mioutioun1938 Jul-Aug n192 p59