10 May 1936 · Governance
AGBU-Zahle Celebrated the AGBU 30th Anniversary. The key speaker was Mr. Mihran Damadian.
1936 May 10 “The AGBU Zahle chapter has organized the AGBU’s 30th Anniversary celebration at St. Gregory Illuminator church in Zahle. After the Requiem service” Rev. Father made the opening speech. The key speaker was AGBU veteran Mr. Mihran Damadian. With his beautiful speech, he presented AGBU as the only national organization abroad, which has constantly been doing good for thirty years, brought out its unifying spirit, positive activity in the fields of homeland building, immigration, culture, and national preservation. Zahle Arm. School students and AYA members presented a well-prepared program.
►«Զահլէի հայ գաղութը, գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄիութեան Մասնաժողովին, բացառիկ շքեղութեամբ տօնեց Միութեան 30-րդ տարեդարձը, Կիրակի, Մայիս 10-ին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին մէջ, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Միութեան բոլոր ննջեցեալներու հոգւոյն համար: Նախագահ Հօր բացման խօսքէն յետոյ հետզհետէ իրարու յաջորդեցին խմբերգեր, մեներգներ, արտասանութիւններ, կենդանի պատկերներ, նուագ և ուղերձներ՝ տեղւոյս Ազգ. Վարժարանի աշակերտաց և Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան անդամներուն կողմանէ: Խօսք առաւ Միութեան ներկայացուցիչը, Վերապատուելի Յ. Աբգարեան, որ այս տօնակատարութիւնը նկատեց պատեհութիւն մը... անդամագրուելու ՀԲԸՄիութեան: Օրուան բանախօս՝ ՀԲԸՄ-ի Վեթերան Տիար Միհրան Տամատեան, իր գեղեցիկ բանախօսութեամբ ներկայացուց ՀԲԸՄիութիւնը, արտասահմանի իբր միակ ազգային կազմակերպութիւնը, որ երեսուն տարիէ ի վեր անընդհատ բարիք ըրած է. վեր հանեց անոր միացնող ոգին, դրական գործունէութիւնը՝ հայրենիքի շինարարութեան, ներգաղթի, մշակոյթի և ազգապահպանումի մարզերու մէջ»: (Miout1936 Jul-Aug n180p61)
Provenance
📄 Miout1936 Jul-Aug n180p61