← Our History · 1906–1939 · AGBU in Lebanon

2 Jul 1926 · Cultural

Emigration to Armenia...Expectations for this year, 5300 refugees!

1926 ”Imigration to Armenia.” According to the agreement reached between the AGBU Central Board and Arm. Govovernment representative Mr. Danush Shahverdyan. This year at least 5,300 migrants will be transferred to Armenia. To be dedicated to the transportation of these migrants AGBU Central Board, handed over to Danoush Shahverdian, 11910.18.8 Eng. Sov. the current result of the “Immigration Armenia” fund raising campagne of USA .► 1926
«Դէպի Հայաստան ներգաղթ: Միութեան Կեդր. Վարչ. Ժողովի և Հայկ. Կառավարութեան ներկայացուցիչ Տիար Դանուշ Շահվերտեանի միջեւ կայացած համաձայնութեան համեմատ, այս տարի առնուազն 5300 գաղթականներ պիտի փոխադրուին Հայաստան: Կեդր. Վարչ. Ժողովը, այս գաղթականներու փոխադրութեան գործին յատկացուելու համար Դանուշ Շահվերտեանի յանձնած է Ամերիկայի ներգաղթի հանգանակութեան ցարդ գոյացած արդիւնքը, 11910.18.8 Անգլ. Ոսկի: Այս 5300 գաղթականները ամենաստուար մասամբ պիտի առնուին Յունաստանէն, Թերեւս մաս մը Պուլկարիայէն, և 300 անձ Սուրիայէն: Այս վերջիններուն մէջ կը գտնուին նաեւ այն 31 Քէորբէ գիւղացի գաղթականները որոնց Հայաստան փոխադրութեան համար արդէն ժամանակէ մը ի վեր բանակցութեան մէջ էինք Հայաստանի Կառավարութեան հետ: Սուրիայէն փոխադրուելիք 300 գաղթական և որբերու ցանկերը պատրաստուած է և անցագրի գործողութիւնները լրացուած են, այնպէս որ օրէ oր զանոնք ճամբայ հանելու հրահանգի կը սպասուի» (1926 Jul Aug Mioutioun n112 p81-82)

Provenance

📄 1926 Jul Aug Mioutioun n112 p81-82