← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

24 Aug 2015 · Sports

AGBU-Sin el Fil team up to 3rd division

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան ( Սին Էլ Ֆիլ) փայլուն ելոյթներ ունեցաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ արժանիօրէն բարձրացաւ Գ. դասակարգ: Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւանի տղաքը յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելով հասան երկրորդ հանգրուան, միաժամանակ մուտք գործեցին երրորդ դասակարգ բարձրանալու ուղեգիրի համար պայքարող խումբերու քառեակը: Նշենք, թէ 16 խմբակներու բաժնուած ութսուն խումբերէն իւրաքանչիւրը իր խմբակէն ներս կատարեց չորս մրցում: Խմբակները գլխաւորող տասն վեց խումբերը անցան Բ. հանգրուան: Ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան իր խմբակին մէջ կատարած առաջին մրցումին՝ 73-60 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիրաա Պուարը: Ապա՝ 77-50 արդիւնքով Զահլէի Քլլիյէին, իսկ երրորդ մրցակիցը՝ Ամիքալ դաշտ չներկայանալու պատճառով յայտարարուեցաւ պարտուած: Շնորհիւ վերոյիշեալ յաղթանակներուն, Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան հասաւ պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական կամ՝ Ֆայնըլ Ֆորի հանգրուանը: Լիբանանի պասքեթպոլի չորրորդ դասակարգի ախոյեանութեան զտման՝ Ֆայնըլ ֆոր-ի մրցումներուն գծով, Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 6-ին, Մերքեզիյէի դաշտին մէջ, Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւան` 63-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պըրպարան եւ գրաւեց Ֆայնըլ Ֆոր-ի երրորդ դիրքը (կիսախաղ՝ 35-16): Շնորհիւ այս յաղթանակին, Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Սեւան անմիջականօրէն ձեռք բերաւ յառաջիկայ տարի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք: Սրտանց կը շնորհաւորենք Հ.Ե.Ը. Անդրանիկի մարզիչն ու մարզիկները, համակիրները, վարչական պատասխանատուները այս փայլուն նուաճումին առիթով, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Photograph