← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

2 Sep 2015 – 12 Sep 2015 · Social

AGBU-AYA Marching Band trip to Armenia

From 2 to 12 September 2015, the thirty one members of AGBU-AYA marching band visited Armenia.The visit was an occasion for the band team members to exploit the cultural heritages of Armenia. The marching band paraded in the streets of capital Yerevan and performed at “Hayotiats” youth center. The band also visited St. Etchmiadzin, the Genocide Monument, Kyumri and othe historical places.The armenian media ant T.V. channels highlighted on the visit. 31
անդամ-անդամուհիներէ բաղկացած Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբը, Հ.Ե.Ը. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Անթիլիասի ատենապետ եղբայր Վաչէ Աւետիքեանի գլխաւորութեամբ, Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, մեկնեցաւ Հայաստան: Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը փողերախումբը, Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերին այցելեց Խոր Վիրապ, Նորավանք: Յաջորդ օրը մեր հիւրերը այցելեցին Գառնի- Գեղարդ: Նոյն օրը երեկոյեան անոնք այցելեցին Նորք՝ Հայորդաց Տուն: Այդ միջոցին Նորքի Հայորդաց Սաները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Օգտուելով առիթէն, մեր փողերախումբը հնչեցուց կարգ մը երգեր: Շաբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբը այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, յարգանքի տուրք մատուցելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2015: Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. փողերախումբը, տիկին Հերմինէ Տիւզեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Սուրբ Էջմիածին Տաճարը, մօտէն ծանօթանալով Մայր Աթոռի պատմական թանգարանին, մշակութային գանձերուն: Այս առիթով, փողերախումբի կազմը նաեւ ստացաւ Սուրբ Հաղորդութիւն: Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբը այցելեց Յաղթանակի Այգի, Մայր Հայաստան յուշարձանը եւ կից թանգարանը, նորակառոյց «Գասգատ» շրջանը, ապա՝ Սասունցի Դաւիթի արձանը: Չորեքշաբթի, օր փողերախումբը այցելեց մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենափառապանծ էջերէն մէկուն՝ Սարդարապատի յուշահամալիրը Յաջորդ օրը՝ փողերախումբը այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երեւանի նորակառոյց շէնքը, ծանօթանալով անոր ենթաբաժանումներուն, պաշտօնէութեան եւ գրասենեակներուն: Խումբը դիմաւորեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրասենեակի փոխտնօրէն տիար Յովիկ Էօրտեքեանը, որ բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք մաղթեց Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին: Կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Նոյն օրը երեկոյեան, մեր փողերախումբը, Հայսաստանի եւ Հ.Ե.Ը.-ի դրօշները բարձրացուցած, տողանցք մը կատարեց Հիւսիսային Պողոտայէն դէպի Օփերա: Հիւիսային Պողոտայի վրայ «Ֆլեշ Մոպ»ի դրութեամբ կազմակերպուած սոյն հաւաքը անմիջապէս գրաւեց անցորդներու ուշադրութիւնը: Փողերախումբին գեղարուեստական որակեալ կատարողականութիւնը, երաժշտական սարքերու ներդաշնակութիւնը աննկատ չմնացին հայրենի հասարակութեան աչքերէն, խլելով անոնց սրտաբուխ ծափերն ու գնահատանքները: Սոյն միջոցառումին ներկայ գտնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահին ազնուափայլ կողակիցը, տիկին Վերա Սեդրակեանը: Հայաստանեան ուղեւորութեան վերջընթեր օրը, փողերախումբը այցելեց հիւսիսային Հայաստանի մայրաքաղաք Կիւմրի քաղաքը: Կիւմրիի գլխաւոր կեդրոններուն ծանօթանալէ ետք, փողերախումբը այցելեց ԳՈՀԱՐ համոյթի երաժշտանոցը, ուր վայելեց ԳՈՀԱՐ համոյթի փորձ ելոյթ մը: Կ'արժէ նշել, որ հայրենական մամուլը, հեռատեսիլի կայաններ լուսարձակի տակ առին Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. փողերախումբին Հայաստան կատարած այցելութիւնը: Յաջորդ օրը՝ Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. փողերախումբը վառ յիշատակներով եւ հայրենասիրական նոր աւիւնով ներշնչուած վերադարձաւ Լիբանան:

Photographs (5)