14 Sep 2015 – 19 Sep 2015 · Sports
AGBU-Antranik Leb.Table Tennis Championship for doubles
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ Ինչպէս միշտ, Հ.Ե.Ը. Անդրանիկը ներկայացնող մարզիկներն ու մարզուհիները գոհացուցիչ արդիւնքներ արձանագրեցին Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան հերթական մրցումներուն: Արդարեւ, 24-31 Օգոստոս 2015-ի միջեւ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցան փինկ փոնկի Լիբանանի ախոյեանութեան տարիքային տարբեր դասակարգումներու մրցումները: 1994-95- 96-ին ծնեալ պատանիներու մրցումներուն, Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկ՝ Էլի Ճօ Ապտէլնուր եւ Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Պէյրութը ներկայացնող՝ Հիշամ Ալ Թաուիլ գրաւեցին երրորդ դիրքը: 1997-98-99-ին ծնեալ պատանիներու մրցումներուն, Հ.Ե.Ը.Անդրանիկ Պէյրութի մարզիկ Յակոբ Ոսկերիչեան գրաւեց երրորդ դիրքը: Միւս կողմէ, 14-19 Սեպտեմբեր 2015-ի միջեւ, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցան փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները: Խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ Նատուա Քամաթիյէ ակումբը: Հ.Ե.Ը. Անդրանիկը ներկայացնող՝ Ռիթա եւ Մէյսա Պըսէյպէս քոյրերը գրաւեցին աղջկանց զոյգերու երրորդ դիրքը: Խառն զոյգերու մրցումներուն, Մէյսա Պըսէյպէս եւ Ահմէտ Հարպ զոյգը երրորդ հանդիսացաւ: Կ’արժէ նշել, թէ Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ փինկ փոնկի խումբին մարզիչն է Սահակ Պիտինեան: