21 Nov 2015 · Social
2015 Nov 21 AYA Ant.- Sevan «Ակումբի Օր»
ԱԿՈՒՄԲԻ ՕՐ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԶԱՊԷԼ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋԱրդէն փնտռուած թուական մը դարձած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Սեւանի Ծնողաց Վարչութեան նախաձեռնութեամբ աւանդական Ակումբի Օրը: Այս տարի եւս, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան ակումբի սրահին մէջ համախմբուած էին աւելի քան երեք հարիւր միութենականներ, բարեկամներ,որոնց մէջ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Գործադիր Մարմինի անդամներ «գրաւած» էին իրենց սեղանները: ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի պարման-պարմանուհիները, ազգային աւանդական պարերով առաւել բարձրացուցին տրամադրութիւնները: Համադամ ճաշերը եւ ճոխ երաժշտութիւնը սրահին մէջ ստեղծեցին հայկական տոհմիկ մթնոլորտ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Ներկաները ուրախ յիշատակներով բաժնուեցան սրահէն: Գնահատանքի խօսք ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Ծնողաց Վարչութեան, սոյն յիշատակելի երեկոն կազմակերպելու առիթով: