20 Dec 2015 · Social
AGBU-AYA Ahramdjian chapter's visit to "Birds Nest"
Sunday, 20 December 2015, the AGBU-AYA Ahramjian Local Committee visited the "Bird’s Nest" of Jibeil, the historical home of Armenian orphans. The occasion was to spend a few memorable hours with the orphans and deliver Christmas gifts. The committee was greeted by Rita Kalindjian. She accompanied the Ahramjian delegation to the new museum and the tomb of Maria Jacobson. Then the Ahramjian Local Committee members visited the classrooms and handed New Year’s gifts to the orphans , endorsing their best wishes for coming New Year and Christmas.
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՀՐԱՄՃԵԱՆԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԻՊԷՅԼ Նոր Տարուան տօնական օրերու նախօրէին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ահրամճեանի տեղական վարչութիւնը, խումբ մը միութենականներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Թռչնոց Բոյն: Այցելու խումբը, Թռչնոց Բոյնի մուտքին դիմաւորեց հաստատութեան ներկայացուցիչներէն Ռիթա Գալինճեանը: Ան, հիւրերուն ընկերակցեցաւ դէպի նորակառոյց թանգարանը և մեծ հայասէր Մարի Ճեքըպսընի դամբարանը: Ապա, Ահրամճեանի վարչականները այցելեցին աշակերտներուն(թիւով 36) դասարանները, ծանօթացան մանուկներու առօրեային եւ լսեցին անոնց երգերը, արտասանութիւնները:Այս ուրախ առիթով, Ահրամճեանի վարչականները Թռչնոց Բոյնի աշակերտներուն բաժնեցին արժէքաւոր նուէրներ: