28 Dec 2015 · Social
AYA CC Delegation's Congratulatory visit to the Armenian Ambassador in Lebanon
Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ատենապետ Վիգէն Չերչեանի գլխաւորութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: ՀԵԸ-ի պատուիրակութիւնը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց դեսպան Քոչարեանին, դեսպանատան անձնակազմին, մաղթելով, որ 2016-ը զուգադիպելով մեր նորանկախ հայրենիքի քսան հինգամեակին, յարատեւ թռիչք ընծայէ Սփիւռք- հայրենիք փոխյարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն պարգեւէ Հայաստանին եւ Արցախին: Իր կարգին, դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ազգանուէր ծառայութիւնները եւ յարատեւութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն: Հանդիպումին կը մասնակցէր Լիբանանի մօտ Հայաստանի հիւպատոս ԱշոտՎարդանեանը: Monday, 28 December 2015, a delegation of AYA Central Committee gave a congratulatory visit to the Armenian embassy in Lebanon and wished New Year’s greetings to ambassador Ashod Kocharian.