4 Apr 2015 · Governance
AGBU 88 General Assembly (C)
The opening of AGBU General Assembly took place on April 4, following the welcom speech of AGBU President Mr. Berge Setrakian in Madenataran, Yerevan. (
Գ) Ընդհանուր Ժողովին պաշտօնական նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2015-ին, Երեւանի Մատենադարանին մէջ: 33 պատգամաւորներէ բաղկացած Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութիւնը կ'ընգրկէր Հ.Բ.Ը.Մ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ: Ընդհանուր Ժողովին օրինականութիւնը ստուգող յանձնախումբի ատենապետ նշանակուեցաւ Հ.Ե.Ը-ի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը: 88-րդ Ընդհանուր Ժողովի եզրափակիչ նիստին, միութեան երկարամեայ ծառայողներու յանձնուեցան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան յուշանուէրներ: Հ.Բ.Ը.Մ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը շնորհակալութիւն յայտնեց համագումարին մասնակցող բոլոր պատգամաւորներուն եւ ամփոփ ներկայացուց միութեան ապագայի ծրագիրները: