← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

5 Apr 2015 · Governance

AGBU 88th Gen. Assembly to Dzidzernagapert & Farewell Dinner

The next day April 5, in the morning after the Sunday Holy Mass, on the occasion of the Glorious Resurrection Of Our Lord Jesus Christ, His Holiness Karekin 2nd supreme Patriarch and Catholicos Of All Armenians, held a reception. In the evening a farewell dinner was held in honor of the participants of the 88th AGBU General Assembly. On behalf of the Lebanese delegation, the Chairman of the AYA Central Committee , Mr. Vicken Tcherchian thanked the organizers of the General Assembly. Afterwards, AGBU Lebanon District Committee member Mrs. Talin Bashian, in the name of Lebanon district presented an award of gratitude to the AGBU president Mr. Berge Setrakian. (
Ե) Կիրակի Ապրիլ 5-ի առաւօտուն, Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութեանց անդամները այցելեցին Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածին և Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան: Հայրապետական Սուրբ Պատարագէն ետք, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Էջմիածինի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան սրահին մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը : Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Հ.Բ.Ը.Մ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, Հ.Բ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Երեկոյեան, Ի պատիւ Հ.Բ.Ը.Մ-ի 88-րդ համագումարի մասնակիցներուն, տեղի ունեցաւ ողջերթի ընթրիքը: Այս ուրախ առիթով, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, համագումարին մասնակից Լիբանանի պատուիրակութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ-ի Կեդրոնական Վարչութեան: Հ.Բ.Ը.Մ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ տիկին Թալին Պաշեան, Լիբանանի մասնաճիւղին անունով յուշանուէր մը յանձնեց Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին: Հ.Բ.Ը.Մ-ի 88-րդ համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց 6 Ապրիլին: Մասնակից պատգամաւորները, իրենց ցուցաբերած միութենական բարձր գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդիր առաջարկներով մեծապէս նպաստեցին համագումարին յաջողութեան:

Photographs (3)