27 Mar 2015 · Education
AGBU Tarouhy-Hovagimian "Shadow Day"
Աւարտական դասարանի աշակերտներու իբրեւ ուղղեցույց, AGBU “Shadow day” անուան տակ ծրագիրը կը գործէ, Տիկ. Շողիկին անմիջական նախաձեռնութեամբ: Ամբողջ ամիս մը, 11րդ դասարաններու (SC, SE, BT2) աշակերտներուն հետ, Տիկ. Շողիկ հանդիպումներ ունեցաւ, եւ իր բացատրութիւններու, լուսաբանութիւններու ու ցուցմունքներու լոյսին տակ, անոնք աւելի հիմնաւոր ու հաստատուն քայլեր առնելու որոշումներ առին, որպէսզի կարենան գոհացում տալ իրենց ապագայի մասնագիտական կերտումին, ընտրելով այս կամ այն ուսումնական համալիրը, համալսարանը կամ հաստատութիւնը: Հիմնուելով այդ տուեալներուն վրայ, իւրաքանչիւր աշակերտ-աշակերտուհի յատուկ հարցարան մը ամբողջացնելէ ետք (ուր կը յիշուին նախասիրած նիւթը եւ ուսումնարանը, ամփոփ կենսագրականը, եւայլն), Տիկ. Շողիկ ուղղակի կապ հաստատեց համապատասխան հիմնարկի պատասխանատուներուն հետ ու համաձայնութիւն առաւ որ ուսանողները անձամբ հոն յաճախեն ու մօտէն եւ գործնականօրէն ծանօթանան անոնց ուսումնառութեան վայրին, ծրագրին դասախօսներուն, վարիչներուն կամ տնօրէններուն: Իւրաքանչիւր աշակերտ-աշակերտուհի, իրեն համար նախատեսուած կամ նախաժամադրուած կեդրոնը մեկնեցաւ Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015ին
Photographs (9)