23 Apr 2015 · Education
2015 Apr 23 AGBU Schools at Genoc. Commem. in Antelias
Ապրիլ 23-ի օրուան առաջին կէսին ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան,Լ. Կ. Նազարեան և Պ.Գ.Կարմիրեան Վարժարաններու ներկայացուցչական աշակերտական խումբերով, իրենց տնօրէնին` Տնօրէնութեանց եւ հայերէնի ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Անթիլիասի մայրավանք, հայկական միւս վարժարաններու աշակերտութեան հետ միասին իրենց յարգանքն ու խոնարհումը բերելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անմեռ յիշատակին: Յուշամատուռին առջեւ ծաղիկներ զետեղելէ եւ իրենց ուխտին հաւատարիմ մնալու լռելեայն խոստումը նորոգելէ ետք կարմիրեանցիները վերադարձան դպրոց, շարունակելու օրուան ծրագիրը: