8 Jul 2015 · Cultural
AGBU-AYA Arine Dance End Season Reception
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ Հ.Ե.Ը. «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ Չորեքշաբթի, 8 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը. Ահրամճեան կեդրոնին մէջ, Հ.Ե.Ը.- «Արին» պարախումբի վարչութեան, պարախումբի անդամ-անդամուհիներու, պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանի ներկայութեան տեղի ունեցաւ «Արին» պարախումբի «Սասնայ Ծռեր» ելոյթին «Տէ.Վէ.Տէ»ի վրայ ցուցադրութիւնը: Այս առիթով կազմակերպուած հիւրասիրութեան ընթացքին, պարախումբի վարչութիւնը շնորհաւորեց կրթական տարուան աւարտին շրջանաւարտ իր անդամ-անդամուհիները: Շրջանաւարտները միասնաբար հատեցին իրենց ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը: Ամառնային արձակուրդի նախօրէին, պարախումբի անդամ-անդամուհիները վայելեցին ուրախ պահեր: By the end of 2014-2015 academic year, on wendnesday July 8th the AGBU-AYA "Arine" Dance group Committee organized a reception, gathering all the group members at the AGBU-AYA Ahramdjian center. The video of the groups' 2014 performance "Sasna Dzerer" was screened during the reception.