← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

17 Jul 2015 · Social

AYA Antranik-Sevan Football Committee fund razing Dinner

Հ.Ե.Ը. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ ֆութպոլի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ի ներկայութիւն Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի, Հ.Ե.Ը-ի մարզականի վարչութեան ատենապետ տօքթ. Յարութիւն Զատիկեանի, միութենականներու, Աշրեֆիյէի Զեւս Թաւերնա ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը: Հայկական, յունական եւ եւրոպական ճոխ երգերը ընտանեկան տոհմիկ պահեր ընծայեցին ներկաներուն: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Խանդավառուելով այս ուրախ առիթէն կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Երեկոյի աւարտին Հ.Ե.Ը.-ֆութպոլի վարչութեան ատենապետ Վահէ Հեքիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ ճաշկերոյթը քաջալերողներուն: On Friday July 17, 2015 the AGBU-AYA “Antranik” Football Committee organized a dinner at the Zevs Taverna Restaurant in Achrafieh. The AYA Central Committee chairman Vicken Tchertchian, Sports Committee chairman Dr. Haroutiun Zadikian and a large number of AYA members were present. The attendants spent a memorable evening together.

Photographs (2)