← Our History · 2000–2020 · AGBU & AYA

4 Jul 2015 · Scouts

AYA Marching Band at Mar Mansour Church

Հ.Ե.Ը.-Ի ՓՈՂԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԳԱՐՏԻՆԱԼ ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ Շարունակելով Տըպայա, Նաքքաշ եւ Անթիլիաս հովուապետական միօրեայ այցելութիւնը, Շաբաթ, 4 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը ժամանեց Նաքքաշի Մար Մանսուր եկեղեցին: Հոգեպարար այս ընդունելութեան առիթով, Մար Մանսուր եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յատուկ՝ Հ.Ե.Ը.- փողերախումբին մասնակցութիւնը խնդրած էր հանդիսաւոր արարողութեան: Անթիլիասի քաղաքապետութեան ատենապետ Էլի Ապու Ժաուտէ, պաշտօնական հիւրեր, որոնց մէջ՝ Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վաչէ Աւետիքեան, հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը գարտինալ Պշարա Ռային դիմաւորեցին դէպի Մար Մանսուր եկեղեցին: Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբը,խմբավար Կարօ Կէօքկէօզեանի գլխաւորութեամբ, կատարեց Լիբանանի քայլերգը: Քայլերգին յաջորդեցին Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին կատարողութեամբ լիբանանեան, ազգային նուագներ: Հանդիսաւոր պատարագէն ետք, Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Մար Մանսուր եկեղեցւոյ կից՝ հովուապետական տան հիմնարկէքի արարողութիւնը: Գարտինալ Ռայիի յիշատակելի այցելութիւնը աւարտեցաւ տօնական հրավառութեամբ:

Photograph