20 Mar 2015 · Cultural
Antranik Cultural Committee Lecture by Mohamed Refaat
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական Մարմին հովանաւորութեամբ եւ Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը Անդրանիկ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, 20 Մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, եգիպտացի ծանօթ պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ էլ Իմամ՝ եգիպտական եւ թրքական աղբիւրներու լոյսին տակ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրաւորումը եւ գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի մէջ օսմանեան բռնատիրութեան վայրագութիւնները: Շահեկան բանախօսութեան աւարտին, դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ նշեց, թէ թուրքերը, ոչ միայն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ, այլ՝ համայն մարդկութեան մօտ ստեղծեցին ժխտական եւ յոռի տպաւորութին, իսկ Ճեմալ Փաշայի, Թալեաթի, Էնվերի եւ անոնց մեղսակիցներուն անունները դարձան ոճրագործութեան խորհրդանիշ: DR. MUHAMMAD REFAAT AL IMAM.« THE TURKS WON THE DISCRACE OF HUMANITY» On the 100th anniversary of the Armenian Genocide, the AGBU- AYA, Antranik Cultural and Environmental Association under the patronage of the Armenian Genocide Centenary Commemoration Committee of Lebanon, organized a lecture evening at the AGBU-Demirdjian center. Keynote speaker was Egyptian historian Dr. Muhammad Refaat Al Imam, who described the Armenian and arab people's struggle under the ottoman empire. «After the mass murder of the armenians and the tyranny against the arab people, the turks won the disgrace of humanity»concluded Dr. Imam.