5 Jul 1959 · Governance
1959 Jul 5 AGBU-AYA Kermes in Public Garden
1959 Jul 5 AYA Kermes in Public Garden The AGBU-AYA Antranik Youth Association’s yearly celebration at the Public Garden was another enjoyable and successful event. The AYA Executive committee, with the collaboration of the AYA chapter’s committees have made their best. The 20 Game stands supervised by Mr. Hratch Manougian and Melkon Arslanian were overcrowded. The entertaining music and the beautiful songs; the children's beauty contest, kept the people enthusiastic. Then the pleasant celebration has been prolonged with music and dance that continued after midnight until 2.30 am!
ՀԵԸ-ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՔԵՐՄԷՍԸ «Այս տարի եւս պէյրութահայութիւնը վայելեց ՀԵԸնկերակցութեան տարեկան մեծ քերմէսը, Կիրակի 5 Յուլիս 1959ին, շքեղօրէն զարդարուած Հանրային Պարտէզին մէջ: ՀԵԸ-ի Գործադիր Մարմինը, ձեռնարկի գլխաւոր պատասխանատուն, գործակցութեամբ ՀԵԸի ակումբներու վարչական մարմիններուն, կարճ ժամանակուան մէջ կրցաւ ձեռնարկին բոլոր մանրամասնութիւնները ուսունասիրել և գործի վերածել»: «...Ընդհանուր է խանդավառութիւնը, եռուզեռ ամէն կողմ: Խաղերու տաղաւարները կը յորդին բազմութեամբ: Խաղերու պատասխանատուներ ՊՊ. Հրաչ Մանուկեան և Մելքոն Արսլանեան ճիգ չէին խնայած հետաքրքրական խաղեր ներկայացնելու: Ժամը 6ին բարձրախօսը կը յայտարարէ մանուկներու գեղեցկութեան մրցումը: 50 պզտիկներ կ'արձանագրուին...: Ապա հաճելի տօնահանդէսը կ'երկարաձգուի պարահանդէսով մը, որ կը շարունակուի կէս գիշերէն ետք մինչեւ ժամը 2,30: Պրն. Սիմոն Մոմճեանի զուարթ անակնկալները և Օր. Լուլու Խայեանի արաբերէն յաջող երգերը նոր հետաքրքրութիւներ կ'արթնցնեն: Անդրանիկ ակումբի վարչութիւնը յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ իրեն վստահուած պիւֆէի պատասխանատու և ծանր գործը»: «Կը մաղթենք որ յաջորդ քերմէսը տեղի ունենայ ՀԵԸի սեփական հողին վրայ»: (1959 Jul 12 Zartonk n218 p3)
Photographs (2)
Provenance
📄 1959 Jul 12 Zartonk n218 p3