← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

5 Jun 1954 · Governance

1954 Jun 5 AGBU Ladies Aux joint Juniors yearly program at AYA Zareh Noubar club.

1954 Jun 5 AGBU Ladies Aux joint Juniors yearly program at AYA Zareh Noubar club...
ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Մասնաճիւղերուն Ծաղկոցի բաժիններու երկսեռ դեռատի և պատանի անդամներուն տարեկան հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 1954 Յունիս 5-ին, Շաբաթ օր, ՀԵԸի Զարեհ Նուպար Ակումբին մէջ: Երկրորդ տարին է որ տեղի կ'ունենայ նման օգտակար հանդիպում մը, նպատակ ունենալով Բարեգործականի անդամ Լիբանանի բոլոր երկսեռ փոքրիկները ի մի հաւաքել, ներշնչել զանոնք Միութեան ոգիով և կապել մեր մեծ Միութեան շղթային: Այս տարի եւս հաւաքոյթին նախաձեռնողը հանդիսացաւ ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկր. Վարժարանի Բարեգործականի Մասնաճիւղը: Ներկայ էին մօտ 500 երկսեռ պատանի անդամներ, ինչպէս նաեւ Մանչերու Վարժարանի Տնօրէն Պրն. Արա Թոփճեան, և Պրն. Ասատուր Յ. Մակարեան: Սոյն հաւաքոյթին մասնակցեցան շատ մը մասնաճիւղեր, մասնաւորապէս Զահլէէն: Մասնակցողներու թիւն էր միայն Զահլէէն 50 հոգի: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին, բացի Մանչերու Վարժարանէն, զանազան Մասնաճիւղեր, գլխաւորաբար Զահլէի զոյգ Մասնաճիւղերը...» «Հանդէսին բացումը կատարեց Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի Մասնաճիւղի անդամներէն Պրն. Օննիկ Սարգիսեան, իսկ հանդէսը վարեց նոյն Մասնաճիւղի Ատենադպիր Պրն. Էտմոն Կոտալազեան: Տարեկան տեղեկագիրը կարդաց Մասնաճիւղի Ատենապետ՝ Պրն. Գ. Երէցեան: Տեղի ունեցան արտասանութիւն, մեներգ, զուգերգ, նուագ և զաւեշտ: Փակման խօսքն ըրաւ Միութեանս Գործիչ-Կրթ. Քննիչ Պրն. Ասատուր Մակարեան...» Տեղի ունեցան հիւրասիրութիւն և փոքր վիճակահանութիւն մը...» (1955 Mar Miout n312p39)

Provenance

📄 1955 Mar Miout n312p39