← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

14 Dec 1958 · Education

1958 Dec 14 AYA University Students Union Lecture

1958 Dec 14 AGBU-AYA Univ Students Union Event “Impressions from Motherland” ....
«ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը իր կազմութենէն ասդին կարեւոր դեր մը կը կատարէ Լիբանանահայ ազգային-մշակութային կեանքէն ներս, իր սարքած զանազան ձեռնարկներով: Լիբանանեան վերջին դէպքերու բերումով, ինչպէս ամէն միութիւն, ան ալ դադար տուած էր իր գործունէութեան, որ ահա կը վերսկսէր շատ բարեդէպ պատեհութեամբ մը: Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին Զարեհ Նուպարի մէջ սարքուած էր հաւաքոյթ մը, ուր խօսք պիտի առնէին Հայաստանէն նոր վերադարձած պատուիրակներ՝ Գերշ. Գնել Եպս. Ճէրէճեան բանաստեղծ Վահէ-Վահեան և Մեթր Հ. Սեդրակեան, որ դժբախտաբար նոյն օրը բացակայ էր քաղաքէս»: «... Բացման խօսքն ըրաւ Ուս. Միութեան ժրաջան Ատենապետ Պրն. Զ. Մըսրլեան, որ յայտնեց թէ՝ այս հաւաքոյթի ընթացքին պիտի ոգեկոչուին նաեւ կարգ մը յիշատակելի դէպքեր, որոնք պարագաներու բերումով յետաձգուած էին. Այսպէս՝ Ս. Հայաստանի 38րդ տարեդարձը և Ամենայն Հայոց Հայրապետին զոյգ տարեդարձները: Առաջին խօսք առնողն էր Պրն. Վահէ-Վահեան, որ վեր առաւ Նոյ. 29-ի խորհուրդը և անոր պատմական տարողութիւնը: Ապա զուգակշիռն ըրաւ Նոյ. 6-ի –Լիբանանի անկախութեան և Նոյ. 29-ի...» «...Ապա Պրն. Զ. Մըսրլեան կարդաց վիճակագրական տուեալներ՝ որոնք ցոյց կու տային բաղդատաբար կարճ ժամանակաշրջանի մը Հայաստանի արձանագրած յառաջդիմութիւնն ու ճարտարարուեստը՝ որոնք շատ մարզերու մէջ ոչ միայն կը գերազանցեն շատ մը միջին արեւելեան երկիրներ, այլ ...եւրոպական երկիրներ»: «Վեհափառ Վազգէն Հայրապետի ծննդեան յիսնամեակ, և գահակալութեան երրորդ բարեդէպ տարեդարձներուն առթիւ Ուս. Միութեան Վարչութիւնը Վեհափառին ուղղած էր ուղերձ մը՝ զոր խոր զգացումով կարդաց Պրն. Ս. Մինասեան:...» «...Վերջին խօսողն էր նորօծ Գնէլ Եպս. Ճէրէճեան, որ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ի պատիւ Վազգէն Վեհափառին կատարուած հանդիսութեանց....» «...Երկու ժամ անդադար ժողովուրդը ունկնդրեց Հայրենիքի վերստին տեսութեան արժանացած պատուիրակները խոր տպաւորութեամբ...»:

Photographs (2)