← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

16 Dec 1956 · Governance

1956 Dec 16 AGBU 50th Anniversary in Tripoly …..:

1956 Dec 16 AGBU 50th Anniversary in Tripoly …..:
«ՀԲԸՄիութեան Ոսկեայ Յոբելեանի Տօնակատարութիւն Թրիփոլիի մէջ» ...«ՀԲԸՄիութեան Թրիփոլիի Տեղական և Տիկնանց մասնաճիւղերը, Ինչպէս նաև ՀԵԸնկերակցութեան վարչութիւնը միասնաբար տօնեցին Բարեգործականի Յիսնամեայ Ոսկեայ Յոբելեանը, 16 Դեկտ. Կիրակի կ.ե. ժամը 3:30-ին քաղաքի Իտալական Վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Ն.Վ. Վարչապետ Սամի Պէյ Սոլհի և նախագահութեամբ ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի:» «.... Ն.Վ. Վարչապետի կողմէ ներկայ էր Թրիփոլիի քաղաքապետութեան տնօրէն Մուհետտին Ատրա, իր հետ ունենալով բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ: Պէյրութէն յատկապէս տօնակատարութեան ներկայ էին Շրջ. Յանձնաժողովի հողմէ Փրոֆ. Բ. Թովմասեան, Յոբել. Կեդր. Յանձնախումբին կողմէ՝ ատենապետ Հազարապետ Պօղոս Պէյ Թուրսարգիսեան, Պրն. Ա. Յ. Մակարեան և խորհրդական Հայկազուն Թորոսեան՝ իր ազնիւ տիկնոջ հետ: Օրուան հանդէսին իբրեւ վարիչ կ'ատենապետէր Բարեգործականի Թրիփոլիի ատենապետ Տոքթ. Ն. Քիւփելեան ... Տիկ. Սիրարփի Յակոբեան յաջողապէս երեք երգեր երգեց .... դաշնակի ընկերակցութեամբ Օր. Զ. Եղբայրեանի: Պրն. Գասպար Տէրտէրեան ... արտասանեց Զ. Մելքոնեանի «Ձօն» ՀԲԸՄիութեան քերթուածը»: « Առաջին բանախօսն էր «Երիտասարդ Հայուհի»ի խմբագրապետուհի և Բարեգործականի Թրիփոլիի Տիկնանց Մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկ. Սեզա ... Մեթր Ն. Թուրսարգիսեան արաբերէն լեզուով տպաւորիչ ուղերձ մը կարդաց... Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչ. Երկր. Վարժարանի ուսանող Յ. Քիրիշճեան ջութակի վրայ նուագեց երկու կտոր, ՀԲԸՄի «Ծաղկոց»ի երկսեռ փոքրիկներու կողմէ ... հայկական պարեր ... Վերջին Բանախօսն էր բանաստեղծ Վահէ Վահեան ... Միութեան երկսեռ երգչախումբը երգեց «Հօյ նազանիմ եարը» ... Տեղի ունեցաւ այս տարուան վեթերաններու վկայականներու բաշխում... Խօսք առաւ նաեւ Քաղաքապետութեան տնօրէն Պրն. Մոհէտտին Ատրա, որմէ ետք յանուն Շրջ. Յանձնաժողովի փակման խօսքը ըրաւ Փրոֆ. Բ. Թովմասեան ...»

Photograph