← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

15 Jun 1947 · Governance

1947 Jun 15 AGBU 41st Anniversary at AUB Memorial Hall

1947 Jun 15 AGBU 41st Anniversary at AUB Memorial Hall, organized by AGBU Lebanon District committee. Under the Auspices of HH Karekin Catholicos of Cilicia and in the presence of the Armenian Community Leaders."
«Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Մասնաժողովին, Յունիս 15ին, «Մեմորեալ Հօլ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Տօնակատարութիւնը ՀԲԸՄիութեան 41րդ Տարեդարձին, Բարձր Հովանաւորութեամբ Գարեգին Ա, Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Մասնակցութեամբ երեք յարանուանական հոգեւոր պետերուն: Հանդէսին գեղարուեստական բաժնին փայլը աւելցուց Կոմիտաս երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ Տ. Հր. Գէորգեանի: Մասնաժողովի Ատենապետ Տ. Գասպար Մենակ ամփոփ ճառով մը Միութեան համառոօտ պատմականը ըրաւ, դրուատելով անոր ազգօգուտ գործունէութիւնը: Մանաւանդ ծանրացաւ, Միութեան ներգաղթի համար կատարած ու կատարելիք յոյժ կարեւոր գործին վրայ: Մասնաժողովի Ատենադպիր Տ. Ս. Վարժապետեան ըրաւ Միութեան Լիբանանի մէջ ունեցած վերջին տարուան գործունէութեան տեղեկատուոթիւնը: Գլխաւոր բանախօսն էր Միութեան Կրթական բաժնի ատենապետ Տ. Բիւզանդ Եղիայեան, Վեր. Քասունի նոյնպէս Խօսք առաւ: Արհ. Պաթանեան Գերապայծառ եւս աւուր պատշաճի ճառ մը խօսեցաւ»: «Երկու խօսք ալ ըրաւ սիրելի Վեհափառը... հակառակ որ Կիպրոսէն նոր ժամանած ու հոգնած ըլլալուն, օր մը առաջ երբ պատուիրակութիւն մը գացած էր Անթիլիաս զինք հրաւիրելու,-- «Անշուշտ թէ կուգամ, սիրով կուգամ» ըսած էր Վեհափառը եւ աւելցուցած, ՀԲԸՄիութիւնը Հայ Եկեղեցիէն յետոյ իմ առաջին սիրելի կազմակերպութիւնն է...» «Թող Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութիւնը ոչ թէ 41, այլ 401, 4001 տարի անսասան մնայ»: (Mioutioun N209 p101-102) (Zartonk 13 Jun p2)

Source documents

Provenance

📄 Zartonk 13 Jun p2