← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

18 Nov 1945 · Governance

1945 Nov 18 AGBU Lebanon District Committee members

1945 Nov 18: AGBU Cairo District Committee plenipotentiary delegate members, in a letter dated November 17, 1945, invited to a private meeting, the next day at 5 p.m. at the St. Georges Hotel; nine of the well known Armenian community leaders in Beirut, as members of the new District Committee of Lebanon! After consultations the election of the office members resulted as follows: (Names as showen in the photo) AGBU Lebanon District Committee members " left to right.. Messrs. Pakrad Bakalian secretary, Mihran Tchelebi vice chair, Hmayag Kranian, Boghos Nadjarian, Hagop Abadjian, Takvor Palandjian chairman, Bedros Giragosian, Kevork Tchatalbashian, Djanig Tchaker, Zayrmayr Keshishian, Dr. Haroutyoun Tcheblakian vice chair, Maitre Hratchia Shamlian and Mardig Shekerdjian treasurer" “As a result of this new order, the Central Commission for the Relief (Nbasdits committee) of the AGBU of Syria and Lebanon will end its activities.
«ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի Շրջանակի Լիազօր Պատուիրակութեան անդամները, 17 Նոյեմ.1945 թուակիր նամակով մը, յաջորդ օր երեկոյեան ժամը 5ին, Սէն Ժօրժ պանդոկին մէջ, մասնաւոր նիստի կը հրաւիրէին, իբրեւ Լիբանանի նորակազմ Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ, Պէյրութի ծանօթ ազգայիններէն ինը հոգի, որոնք բոլորն ալ ներկայ կը գտնուէին: Խորհրդակցութիւններէ յետոյ կը ձեռնարկուի դիւանի ընտրութեան որ կուտայ հետեւեալ արդիւնքը՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Ա. Յանձնաժողովը, Ատենապետութեամբ՝ Թագւոր Փալանճեանի: Ձախէն աջ.- Տեարք Բագրատ Պագալեան ատենադպիր, Մարտիկ Շէքէրճեան գանձապահ, Միհրան Չէլէպի փոխ ատենապետ, Հմայեակ Գրանեան, Պօղոս Նաճարեան, Յակոբ Ապաճեան, Թագւոր Փալանճեան, Պետրոս Կիրակոսեան, Գէորգ Չաթալպաշեան, Ճանիկ Չագըր, Զայրմայր Քէշիշեան, Տոքթ. Յարութիւն Չպլաքեան փոխ ատենապետ, Մեթր Հրաչեայ Շամլեան, Մարտիկ Շէքէրճեան: Յանուն Լիազօր Պատուիրակութեան, Տիար Ճանիկ Չագըր տեղւոյն վրայ կը հաստատէ դիւանի կազմը, աւելցնելով որ՝ առ ի գնահատութիւն Միութեանս իրենց մատուցած ծառայութիւններուն՝ Պատուիրակութիւնը սոյն ժողովին պատուակալ ատենապետեր կը նշանակէ Տեարք Հմայեակ Գրանեանը, Տոքթ. Յովսէփ Ենիգոմշուեանը և Տիգրան Մավիսագալեանը: Իբր հետեւանք այս նոր կարգադրութեան, Սուրիոյ և Լիբանանի Միութեան Նպաստից Կեդրոնական Յանձնաժողովը վերջ կու տար իր գործունէութեան և անմիջապէս իր գործերն ու գոյքերը կը փոխանցէր նորակազմ այս Շրջ. Յանձնաժողովին՝ Պէյրութի մէջ, իսկ Սուրիոյ Շրջ. Յանձնաժողովին՝ Հալէպի մէջ:...Ի պատիւ վերոյիշեալ Լիազօր Պատուիրակութեան, Լիբանանի նորընտիր Շրջ. Յանձնաժողովը Նոյեմ. 30ին Ուրբաթ երեկոյեան ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հոթէլ Սէն Ժօրժի լուսազարդ սրահներուն մէջ »: (Hooshamadian p51)

Photograph

Provenance

📄 Hooshamadian p51