23 May 1942 · Education
1942 May 23 AGBU-AYA University students meeting
1942 May 23 AGBU-AYA University Students Union has organized its yearly gathering in honour of the newly graduates Armenian university students in Lebanon at Zareh Noubar club. The Honoring event was presided by Rev. Bishop Ardavazt Serpazan. Mr. S. Kalfaian, in his welcome note, advised the new graduates that, for the success they achieved, besides their hard-working study, they have to remember to thank their parents for the sacrifice, the benefactors and the NGOs for their support!
«Շաբաթ երեկոյ, 23 Մայիս, ՀԲԸՄիութեան Զարեհ Նուպար Ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Համալսարանական հայ Ուսանողներու Միութեան կողմէ: ի պատիւ այս տարուան շրջանաւարտներուն. Կազմակերպուած հանդէսը, նախագահութեամբ Լիբանանի Թեմի Կաթ. Փոխանորդ Առաջնորդ Գեր. Տ. Արտաւազդ Սրբազանի: Պրն. Ս. Գալֆայեան բացման կոկիկ ճառով մը երկսեռ շրջանաւարտներուն յիշեցուց թէ, իրենց այսօրուան յաջողութեան պատճառներուն մէջ, անձնական աշխատանքին քով, պարտին գտնել նաև ծնողներու, բարերարներու և Միութիւններու նիւթական ու բարոյական զոհողութիւնները...» «...Միութիւնը փոխան երեք տարի առաջուան 15-ի, այս տարի ունէր 60 անդամ: Երեք տարի առաջ անիկայ 20 աշակերտի միայն պաշտպանն էր եղած, մինչ այս տարի չքաւոր 203 աշակերտներու կրթաթոշակներ մատակարարած էր, փոխան 50-ի 2000 լիբ. ոսկի պիւտճէով մը» «Պրն Բ. Թովմասեան և Բ. Եղիայեան, ՀԵԸ-ի Կեդր. Վարչութեան կողմէ, որ յանուն ՀԲԸՄ-ի կը հովանաւորէ այս միութիւնը, ըրին փորձառութեան բովէն անցած օգտակար թելադրութիւններ: (Համալսարանաւարտներու անուանացանկը կցեալ):