Mar 1942 · Governance
1942 Mar 1 AGBU-AYA Arakel Noubar club AYA Chapter opening
1942 Mar 1 AGBU-AYA Arakel Noubar club… A new AYA Chapter opening was held in the “Tiro” neighbourhood (Bourj Hamoud). The initiative came from a group of young AGBU members. In 4-5 weeks, they had 25 registered members. They have elected the founding Committee members as follows: Mr. O. Tashdjian chairman, A. Nercessian secretary, H. Arpajian vice-secretary, A. Badian treasurer and H. Kantardjian member. The opening event was on the 1st of Mars, presided by AGBU Edu. Inspector Mr. Michael Natanian at the Noubarian School hall. After the welcome note by Mr. A. Nercessian, the key speaker Dr. M. Dakessian characterized the role of the youth in a healthy society, encouraging them to join the AGBU and AYA if they want to serve their community!
►«Պէյրութի «Թիրօ» թաղին մէջ կազմուեցաւ ՀԵԸ-ի մասնաճիւղ մը, նախաձեռնութեամբ կարգ մը գիտակից ու կորովի երիտասարդներու, եւ 4-5 շաբթուան մը մէջ ունեցաւ մօտ 25 անդամներ, և ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ կերպով.- Ա.պետ՝ Պարոնայք Օ. Թաշճեան, Ա.դպիր՝ Ա. Ներսէսեան, փոխ Ա.դպիր՝ Յ. Արբաճեան, Գ.պահ՝ Ա. Պատեան, և Յ. Գանթարճեան: Եռանդագին լծուելով իր գործունէութեան, առաջին առիթով, 1 Մարտ 1942ին Կիրակի օրը, Նուպարեան Վարժարանի սրահին մէջ սարքեց բացման հանդէս մը, պատուոյ նախագահութեամբ ՀԲԸՄիութեան Սուրիոյ և Լիբանանի Կրթ. Տեսուչ՝ Պրն. Մ. Նաթանեանի: Պրն. Ա. Ներսէսեան ըրաւ բացման խօսքը, բացատրեց ՀԵԸ-ի նպատակը ու թելադրեց որ, բոլոր այն երիտասարդները որ մտադիր են ծառայել ազգին ու եկեղեցիին, թող անդամագրուին ՀԵԸնկերակցութեան, զարգանան հոն բարոյապէս ու մտաւորապէս, որպէսզի լաւագոյն կերպով ծառայեն ու օգտակար ըլլան իրենց միջավայրին: Օրուան բանախօսն էր Տոքթ. Մ. Տաքէսեան, որ գեղեցիկ և կուռ խօսքերով բացատրեց երիտասարդութեան կատարած դերը ազգերու կեանքին ու պատմութեան մէջ: Մասնաճիւղի Ա.պետ՝ Պրն. Օ. Թաշճեան անակնկալով մը պարզեց միութեան նիւթական գետնի վրայ ունեցած պէտքը և առ այդ բացաւ նուիրատուութեան ֆոնտ մը, որմէ գոյացաւ 3140 ս.դ. «Վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀԵԸ-ի անդրանիկ ակումբի վարչութեան, որ սիրով տրամադրած էր ակումբին աթոռները սոյն հանդէսին համար... »: