← Our History · 1940–1959 · AGBU in Lebanon

22 Jan 1940 · Governance

1940 Jan 22 AGBU Aid Committee visiting Ras ul Ayn Refugees

1940 Jan 22 "AGBU Aid Sub Committee visiting Ras ul Ayn Refugees... After checking the housing construction that is going on near Sour... the Committee checked and confirmed the land location on which the AGBU will start the constructing of new houses for the refugees..." "...The AGBU Committee will supply the daily lunch for the 320 construction workers. The Committee Visited the temporary School, hosted by the Greek Orthodox church...and the Hospital.
► «...Շաբթուս սկիզբը (ՀԲԸՄ-ի Նպաստից) Յանձնաժողովը իր Քարտուղարը ղրկեց Այնճար, զբաղելու համար տուներու շինութեան մէջ աշխատող 750 բանուորներու կէսօրեայ տաք կերակուրի խնդրով, ինչպէս նաեւ կազմելու համար վերջնական ցուցակը հիւանդանոցին ամբողջացուցիչ անհրաժեշտ պիտոյքի: Իսկ Չորեքշաբթի օր չորս հոգիէ բաղկացած մասնաւոր յանձնախումբ մը մեկնեցաւ Ռաս իւլ Այնի գաղթակայանը և զբաղեցաւ հետեւեալ խնդիրներով.- «...Յանձնախումբը տեղւոյն վրայ հաստատեց թէ Սուրի մօտակայ Պաս կոչուած վայրին վրայ շինուելիք 100 տնակներէն 30ը լրանալու վրայ են, իսկ Ռաշիտիէ կոչուած վայրին վրայ շինուելիք 100 տնակներէն 38ը բոլորովին լրացած և 12ը լրանալու վրայ են: Մնացած 50 տնակներուն շինութեան պիտի սկսուի ընդհուպ անջատ գետնի մը վրայ...»...«Յանձնախումբը տեղւոյն վրայ քննեց Բարեգործականի կողմէ շինուելիք տնակներուն համար յարմարագոյն վայր մը զատորոշելու հարցը:» «Ան զբաղեցաւ շինութեանց մէջ (աշխատող) 320 բանուորներու համար կէսօրուայ տաք կերակուր մը տալու խնդրով:» Յանձնախումբը հաստատեց թէ, համաձայն Կեդր. Յանձնաժողովին որոշման, պատրաստ 8 թոն ցորենին ցանքին արդէն իսկ սկսուած է:» «Յանձնախումբը գտաւ թէ Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքութեան կողմէ առժամաբար տրամադրուած եկեղեցւոյն մէջ հիմակուընէ հաւաքուած է 100է աւելի աշակերտութիւն մը, որուն թիւը պիտի բարձրանայ 150ի: Յանձնախումբը, որ իր հետ ունէր տնօրէն ուսուցիչ մը սոյն վարժարանին համար, ըրաւ հարկ եղած ուսուցչական կարգադրութիւնները և անմիջապէս ապսպրեց լրացուցիչ նստարան, սեղան, աթոռ և այլ անհրաժեշտ պիտոյքներ: Յանձնախումբը այցելեց նաև հիւանդանոցը, որուն 15 անկողիններէն 6ը միայն գրաւուած գտաւ: ....Ռաս իւլ Այնի հիւանդանոցին ևս ամբողջանալիք անհրաժեշտ պիտոյքներու ցուցակը կազմուեցաւ, անմիջապէս հայթայթելու համար:» (Za Jan 27 n716p1)

Provenance

📄 Za Jan 27 n716p1